2015-12-21 09:46:00

Պաղտատի մէջ Ս. Դրան բացումը` խորհրդանիշ է հաշտութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ողորմութիւնը քրիստոնեային ճանապարհն է'' այս բառերով է որ  Քաղդէացիներու Պատրիարք` գերերջանիկ Լուիս Սաքօ կը սկսի իր հրատարակած հովուական թուղթը որով կը հրաւիրէ Իրաքի քրիստոնեաները հաւատքով ու յոյսով ապրին Ողորմութեան Յոբելենական տարին։

Պատրիարքը ս. Դուռը բացաւ Պաղտատի Ցաւագին Տիրամօր նուիրուած աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ ̦ շրջապատուած Իրաքի եպիսկոպոսներով, քահանաներով ու հաւատացեալներով։

''Մեզի` քրիստոնեաներուս համար­, դժբախտաբար ճանապարհը երկար է ու փուշերով լի, մեր գիշերը երկար ու մութ է բայց եւ այնպէս մեծ յոյս ունինք` հիմնուած Քրիստոսի խօսքին վրայ։ Ողորմութեան տարին սկսաւ ու կը պատրաստուինք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը ապրիլ ̦ ասիկա մեզի համար կոչ մըն է ապրելու ծննդեան արժէքները։ Ս. Դուռը բանալով քրիստոնեան կանչուած է ապրելու Աստուծոյ ողորմութիւնը, կանչուած է հաշտութեան, ուստի ապրելու Աստուծոյ ներումի ուրախութիւնը։ Մէկ խօսքով ապրելու հաւատքով, յոյսով ու վստահութեամբ։ Առանց ողորմութեան ու հաշտութեան ապագայ չունինք։ Մեծ յոյս ունէի որ մահմետականները, հետեւելով ֆրանչիսկոս Պապին, իրենք եւս հռչակէին ողորմութեան ու հաշտութեան տարին։ Դժբախտաբար ասիկա չեղաւ։ Իսլամ աշխարհի մէջ կը տիրէ ատելութեան ու ոխի մտայնութիւնը եւ այս մէկը ահաւոր  իրողութիւնը մըն է'' յայտարարած է Պատրիարք Սաքօ։








All the contents on this site are copyrighted ©.